2012-08-11 12:16:02

Պատահական Ռումբի Բեկորի Մը Պատճառով Նիւթական Թեթեւ Վնասներ` Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին»


Հալէպի հին քաղաքի տարածքին` Ճտէյտէ թաղամասին մէջ, հայկական պատմական շինութիւններէն մէկը վնասուած է. կը յայտնէ հալէպահայերու Facebook-ի խումբը` յղում կատարելով տեղական հեռուստալուրերու թողարկման:
Արդարեւ՝ ուրբաթ օրը կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հաստատած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, պատահական ռումբի կտոր մը հարուածած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի շէնքը եւ պատճառած է նիւթական թեթեւ վնասներ, ինչպէս նաեւ` ապակիներու փշրուիլ։ Արտաաշխատանքային ժամեր ըլլալուն շնորհիւ՝ ոչ մէկ մարդկային վնաս հասած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.